Արցախի Խորհրդարանը Ընդունեց «Բռնազաւթուած Տարածքների Մասին» Օրէնքը

407

Արցախի խորհրդարանը քննարկել և ընդունել է մի շարք օրենքներ

Փետրուար 16ին, Արցախի Ազգային ժողովը, առաջին ընթերցմամբ, միաձայնութեամբ ընդունեց «Բռնազաւթուած տարածքների մասին» եւ «Քաղաքացիական օրէնսգրքում լրացում կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը, որուն թեր քուէարկեցին նիստին ներկայ բոլոր 31 պատգամաւորները:

Օրէնքի նախագիծը կը սահմանէ 1991-1994 եւ 2016 թուականներուն՝ Ատրպէյճանի եւ 2020 թուականին՝ Թուրքիոյ եւ օտար զինեալ ահաբեկիչներու անմիջական մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ իրականացուած ռազմական յարձակումին իբրեւ արդիւնք բռնագրաւուած տարածքներու իրաւական կարգավիճակի ու անոնց վրայ տարածուող իրաւական յատուկ վարչակարգի, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կազմակերպութիւններու գործունէութեան առանձնայատկութիւններու, մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական անձանց իրաւունքներու եւ շահերու պահպանութեան ու պաշտպանութեան կապուած յարաբերութիւնները:

Օրէնքի նախագիծով, բռնագրաւուած տարածքներ կը նկատուին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող` «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչատարածքային բաժանման մասին» օրէնքին մէջ *-ով, **-ով եւ ***-ով նշուած շրջանները, համայնքները եւ բնակավայրերը, ինչպէս նաեւ այդ շրջաններու տարածքին մէջ ընդգրկուած հողերը եւ ջրային պաշարները:

*-ով նշուած բնակավայրերը բռնագրաւուած են Ատրպէյճանի կողմէ 1991-1994 թուականներու պատերազմական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք, իսկ **-ով եւ ***-ով նշուած բնակավայրերը բռնազաւթուած են Ատրպէյճանի կողմէ 2020ի Սեպտեմբեր 27ին՝ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք:

Նախագիծին մէջ կը նշուի, որ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ օտարերկրեայ անձանց մուտքը, ելքը եւ տեղաշարժը կը թոյլատրուի միայն Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով: Այդ կարգի խախտումը կը յառաջացնէ Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած պատասխանատուութիւն:

Բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տնտեսական որեւէ գործունէութիւն, ներառեալ արտօնագիր, թոյլտուութիւն, գրանցում պահանջող գործունէութիւն եւ ցանկացած շինարարութիւն կ՛իրականացուի Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով: Այդ կարգի խախտում կը յառաջացնէ Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած պատասխանատուութիւն:

Բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան խախտմամբ իրականացուած տնտեսական որեւէ գործունէութենէ ստացուած եկամուտները, գոյքը եւ միջոցները, ինչպէս նաեւ շինարարութեան արդիւնքով կառուցուած շինութիւնները կը հանդիսանան անօրինական ուղիով ստացուած եւ կը յառաջացնեն Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած հետեւանքներ:

Արցախի Ազգային ժողովի «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար, օրինագիծի համահեղինակ Դաւիթ Գալստեան, խօսելով ընդունուած փաստաթուղթին կարեւորութեան մասին, յայտնեց, որ օրէնքի ընդունումը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ պատասխանն է այսպէս կոչուած «Շուշիի հռչակագիր»ին:

«Այս օրինագծի կարեւորութիւնը կայանում է նրանում, որ մենք առաջին հերթին փաստում ենք նախագծում նշուած տարածքների հայկական լինելը: Այս նախաձեռնութեամբ մենք ցոյց ենք տալիս, որ մենք տէր ենք մեր պատմամշակութային արժէքներին, որոնք այսօր ձեւափոխւում, քանդւում եւ ոչնչացւում են Ադրբեջանի կողմից», մեկնաբանեց պատգամաւորը:

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

Խնդրում ենք մուտքագրել Ձեր մեկնաբանությունը
Խնդրում ենք մուտքագրել ձեր անունը այստեղ